Յարգելի Ատենապետ կամ Ատենապետուհի

ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղին ՁՕՅ2 թուականին

 

Ամեակները թերեւս շինծու թուականներ կարելի է համարել, սակայն ամեակներու առթիւ եղած Տօնակատարութիւնները կարեւոր արտայայտութիւններ են, որոնք ցոյց կու տան 3արատեւման կամք՝ եւ աշխատանքի բարձր ոգի: Այս համոզումով է որ կը յղեմ այս նամակը ձեզի՝ որովհետեւ կը հաւատամ թէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մոնթրէալի Մասնաճիւղը ՁՕՅՁ թուին մեծ շուքով պիտի տօնէ իր գործունէութեան 75 ամեակը:

 

Թէեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու կը պատկանինք եւ հաւանաբար տարբեր դժուարութիւններ ունինք դիմագրաւելիք մեր միութենական կեանքին մէջ, բայց կը հաւատամ թէ ձեր մօտ եւս, Հայ պատմութեան հանդէպ մեր ակնածանքը, Հայ մշակոյթին հանդէպ մեր սէրը եւ Հայ ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ մեր ունեցած համոզումներն են որ կը մղեն մեզ հաստատ մնալու միութենական կեանքի այս կարեւոր պատնէշին վրայ:

 

Այս տարի յիսնամեակի տօնակատարութինները առիթ մը եղան մեզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր անոնց՝ որոնք նախորդ յիսուն տարիներու իրենց աշխատանքով կերտեցին մեր Մասնաճիւղին ներկան: Մեր յոյսն է՝ որ յառաջիկայ Ձ5 տարիներուն մեր եւ մեզի յաջորդող գործադիր վարչութիւններուն կատարելիք աշխատանքը եւս՝ ձեր չափանիշներով գնահատելի նկատուին, եւ մենք որպէս ճակատաբաց Ոսկեայ Տարիքի անդամներ, մասնակցինք 75 ամեակի տօնակատարութիններուն:

 

 

Թէեւ անհնար է գուշակել ապագան եւ նախատեսել թէ ինչ ձեւաւորում պիտի ստանայ  Բարեգործականի կրթական եւ միութենական գործունէութիւնը մեր գաղութէն ներս, սակայն այսօր, յաջորդ քսանհինc տարիներու սեմին՝ կ'ուզեմ գէթ նկարագրել ապագայի մեր տեսլականը:

 

·        Բարեգործականի կրթականակ եւ միութենական գործունէութեան տնօրինումը կը փափաքիմ տեսնել Կեդրոնական Մարմնի մը ղեկավարութեան ներքեւ, որպէզի մեր գործունէութիւնը ունենայ ամբողջական բնոյթ եւ մեր գաղութին մէջ գէթ Բարեգործականէն ներս ծրագիրները հետապնդուին անհրաժեշտութեան շարքով:

·        Բարեգործականը պէտք է մնայ հայ ինքնութեան բազկերակին անընդհատ եռանդ տուող մղիջ ուժը: Հայ դպրոցէն ներս բարձր ուսումնական կրթութիւն տալով--- մեր կեդրոնէն ներս երիտասարդներու ձգտումներուն եւ հետաքրքրութիւններուն պարարտ հող հանդիսանալով--- Մարզական եւ սկաուտական շարժումներով առողջ սերունդներ պատրաստելով--- եւ ընկերային ու մշակութային վառ հնոց մը ըլլալով:

·        Միութենական գործունէութիւնը հասցնել այնպիսի մակարդակի մը՝ որ ժողովները ըլլան ո՛չ երկար եւ ո՛չ ալ յաճախակի: Մեր աշխատանքը ըլլայ գլխաւորաբար հոգեկան գոհունակութին տուող ազգային եւ ընկերային ծառայութիւն եւ ո՛չ  թէ տհաճ պարտականութին:

·        Նիւթապէս ըլլանք ինքնաբաւ եւ կարենանք հոգալ մեր բոլոր կարիքները: Անհրաժեշտութին մը չըլլայ յաճախակի հանքանակութիւներ ձեռնակելու ապերախտ գործը՝ եւ թեթեւնայ այն բեռը որ գաղութիս կազմակերպութիւնները զետեղած են մի քանի բարերարներու ուսերուն վրայ:

·        Մեր կեդրոնը ըլլայ այն մեծ դուռը՝ ուրկէ անցնելով երտասարդներ կարենան կապ հաստատել հայրենիքին հետ, մաս կազմելով Հայաստանի մէջ Pարեգործականի կողմէ  հաստատուած զանազան երիտասարդական ծրագիրներուն:

·        Մեր ակումբը գլխաւորաբար ըլլայ հաւաքավայր մը ուր բարեկամներ կու գան իրար հանդիպելու հաճելի ժամանցի համար, եւ ոչ միայն կեդրոն մը ուր մարդիկ կու գան ժողով գումարելու եւ կամ ձեռնարկի մը ներկայ գտնուելու:

·        Ի վերջոյ, բուռն փափաքս է որ դուք անհրաժեշտ չգտնէք այս նամակին մէջ յիշուած կէտէրը “copy-paste” ընելով յղել 1ՕՕ Ամեակի վարչութեան: Այսինքն, գոնէ մասամբ լուծուած ըլլան մեր այսօրուան խոչընդոտները եւ դուք ապագային նայիք նոր մարտահրաւէրներով եւ նորոգուած տեսլականով:

 

 

Վերջապէս ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն, համբերութիւն, լայնամտութիւն, եւ մանաւանդ միութենէն ներս համերաշխ մթնոլորտ մը ստեղծելու բացառիկ կարողութիւն: Ազգային գործով տարուած՝ մի մoռնաք ձեր ընտանիքը եւ առողջութիւնը: Եւ որպէս վերջին խրատ՝ փորձեցէք հանդարտ պահել ձեր ջիղերը եւ ատենը մէյ մըն ալ, քննել տուէք ձեր արեան ճնշումը:

 

Անկեղծօրէն՝

Արմէն Պչաքճեան